«Քորոնա»ի դէմ պայքարին մէջ Դամասկոս ձեռք մեկնեց Պէյրութին
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի յատուկ կարգադրութեամբ 25 թոն թթուածին պիտի առաքէ Լիբանան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ սուրիական լրասփիւռներէ։
Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիական կառավարութիւնը եւ յատկապէս նախագահ Ասատ իմանալով Լիբանանի մէջ «Քովիտ»ի տարածմամբ ստեղծուած բաւականին բարդ իրավիճակը այս որոշումին յանգած է։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ կան հարիւրաւոր հիւանդներ, որոնք կը գտնուին դժուար դրութեան մէջ եւ այդ վիճակը ստեղծուած է թթուածինի սուր պակասին պատճառով։
Ի դէպ նոյն խնդրով խօսած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան նաեւ դիտել տալով, որ Սուրիոյ նեցուկը մասնաւորապէս այս փուլին մեծապէս պիտի օգնէ, որ դժուար կացութեան մէջ յայտնուած հիւանդանոցները կարողանան լաւագոյնս հասնիլ «Քովիտ»ի հիւանդ պարագաներուն։