image

Սամուէլ Կարապետեան Արցախի Մէջ Ծնելիութեան Աճի Խթան Հանդիսացող Նախաձեռնութիւն Մը Պիտի Սկսի

Սամուէլ Կարապետեան Արցախի Մէջ Ծնելիութեան Աճի Խթան Հանդիսացող Նախաձեռնութիւն Մը  Պիտի Սկսի

Մոսկուայաբնակ հայ  գործարար   Սամուէլ   Կարապետեան        Արցախի  մէջ ծնելիութեան աճի  խթանման   նպաստող   նախաձեռնութեամբ  մը հանդէս եկած է: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւնը ստացաւ  ԼՂՀ  վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի   մամլոյ խօսնակ  Արտակ Բեգլարեանէն, որուն ըսելով  արցախցի իւրաքանչիւր ընտանիք, որ  կ’ունենայ   իր  չորրորդ երեխան  Սամուէլ  Կարապետեանէն պիտի ստանայ   5000  ամերիկեան տոլարի   նիւթական յատկացում մը: Նշենք, որ Կարապետեանի   սոյն նախաձեռնութիւնը կապ ունի  անցնող  Նոյեմբերին      «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ին  տնօրինութեամբ կատարուած    Թէլէթոնին հետ,  որուն  իբրեւ հիմնական բնաբան  ընտրուած էր Արցախի մէջ    ծնելիութեան աճի  հիմնախնդիրը: