Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Միաբանութիւնը եւ սաղիմահայութիւնը ներկայացնող ժողովրդային պատուիրակութիւն մը այսօր այցելած է Սուրբ Փիլիպոսի անունով յայտնի ուխտավայր: Սուրբ գրային այս ուխտատեղին 1700-ականներուն գնուած է Պատրիարքութեան կողմէ եւ մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի տնօրինման տակ եղող կալուածներուն: Ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին, ուխտավայրին մէջ այսօր տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան արարողութիւն, որու աւարտին ներկաներուն բաշխուած է մատաղ: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով տեղի իշխանութիւնները, օգտուելով հայապատկան ուխտավայրի անմխիթար եւ լքուած վիճակէն, կը փորձեն սեփականացնել եւ ձեռք դնել Սուրբ Գրային արժէք ներկայացնող հայկական հողաշերտին վրայ: Կրօնական արարողութեան հանդիսապետած է Տ. Սեւան արք. Ղարիպեան (լուսարարապետ Սրբոց Յակոբեանց վանքի), իսկ սաղիմահայութեան կողմէ յաւուր պատշաճի խօսք արտասանած է սաղիմահայ ազգային գործիչ Սերոբ Սահակեան, որ նաեւ կոչ ըրած է պատրիարքութեան՝ կարգի բերել այս պատմադրոշմ սրբավայրի խնդիրները ու նաեւ այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել գաղութի աշխարհական դասի երեւելի պատասխանատուներ: