image
Հրատապ լուրեր:

Սաղիմահայութեան ուխտագնացութիւնը՝ Սուրբ Փիլիպոսի հայապատկան ուխտավայր

Սաղիմահայութեան ուխտագնացութիւնը՝ Սուրբ Փիլիպոսի  հայապատկան ուխտավայր

Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Միաբանութիւնը  եւ սաղիմահայութիւնը ներկայացնող ժողովրդային պատուիրակութիւն մը այսօր այցելած է  Սուրբ Փիլիպոսի անունով յայտնի  ուխտավայր: Սուրբ  գրային   այս ուխտատեղին       1700-ականներուն գնուած է  Պատրիարքութեան  կողմէ  եւ  մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի տնօրինման տակ եղող  կալուածներուն: Ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին,   ուխտավայրին մէջ այսօր տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան   արարողութիւն, որու աւարտին ներկաներուն բաշխուած է մատաղ: Մեր  ունեցած  տեղեկութիւններով տեղի իշխանութիւնները,  օգտուելով հայապատկան  ուխտավայրի անմխիթար եւ լքուած   վիճակէն,  կը փորձեն սեփականացնել եւ ձեռք դնել Սուրբ Գրային արժէք ներկայացնող հայկական  հողաշերտին վրայ: Կրօնական արարողութեան հանդիսապետած է Տ. Սեւան արք.  Ղարիպեան (լուսարարապետ  Սրբոց Յակոբեանց վանքի), իսկ սաղիմահայութեան կողմէ յաւուր պատշաճի խօսք արտասանած է սաղիմահայ ազգային գործիչ Սերոբ Սահակեան, որ նաեւ կոչ ըրած է պատրիարքութեան՝ կարգի բերել այս   պատմադրոշմ   սրբավայրի խնդիրները  ու նաեւ այդ  աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել գաղութի աշխարհական դասի  երեւելի   պատասխանատուներ: