image

Ռուսիա զօրավիգ է պաղեստինցիներուն՝ իրենց ազգային նպատակներու իրականացման ուղղութեամբ. Ռուս քաղաքական գործիչ

Ռուսիա զօրավիգ է պաղեստինցիներուն՝ իրենց ազգային նպատակներու իրականացման ուղղութեամբ. Ռուս քաղաքական գործիչ

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի բաժնի տնօրէն Սերկէյ Վերշինին երէկ, 7 Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած  պաղեստինցիներուն զօրակցութիւն ցուցաբերելու միջազգային օրուան նուիրուած միջոցառման ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա զօրավիգ է պաղեստինցիներուն՝ իրենց ազգային նպատակներու իրականացման ուղղութեամբ, որով եւ պայմանաւորուած է Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ու բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումը, կը գրէ «RT Arabic» լրատուական կայքը:

Քաղաքական գործիչը նշած է նաեւ, Մոսկուա կը խրախուսէ պաղեստինեան ղեկավարութեան եւ նախագահ Մահմուտ Ապպասի կողմնորոշումը՝ Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն կնքելու, աւելցնելով. «Այս կողմնորոշման քայլերը յստակ են՝ միջազգային օրինական մարմիններու, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի եւ Արաբական Խաղաղութեան Նախաձեռնութեան որոշումները կատարելը»:

Ռուս քաղաքական գործիչը պաղեստինա-ռուսական յարաբերութիւնները բնորոշած է որպէս «արդիւնաւէտ եւ փոխադարձ վստահութեան ու մտերմութեան հիմքերու վրայ կառուցուած», հաւաստիացնելով, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնն ու նախագահ Փութին երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ յատուկ ուշադրութեան կ'արժանացնեն պաղեստինա-ռուսական յարաբերութիւնները: