image

Ռուսիա հերքած է Սուրիոյ ընդդիմութեան յայտարարութիւնները

Ռուսիա հերքած է Սուրիոյ ընդդիմութեան յայտարարութիւնները

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը յայտարարած է, որ Հալէպի մէջ գտնուող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները Ուաշինկթընի կողմէ երաշխաւորուած առաջարկ ստացած են՝ քաղաքացիներու հետ միասին, ռուսական կողմի վերահսկողութեան տակ գտնուող անցուղիով քաղաքէն հեռանալու, սակայն Ռուսիա հերքած է լուրը:

Ըստ «Ռոյթըրզ»ի, Սուրիոյ ընդդիմութեան երեք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, երէկ, 11 Դեկտեմբերին յայտնած են, որ ընդդիմութիւնը նշուած առաջարկի կէտերը պարունակող հաղորդագրութիւն մը ստացած է, ուր կ'երաշխաւորուի զինեալներու «արժանապատիւ կերպով» հեռանալը՝ իրենց ցանկութեամբ ընտրուած վայր, սակայն իրենք տակաւին չեն պատասխանած ուղարկուած հաղորդագրութեան:

Իր հերթին Ռուսիա հերքած է լուրը, յայտնելով, որ մինչեւ այս պահը ԱՄՆ-ի հետ ոչ մէկ համաձայնութեան հասած են՝ զինեալներու Հալէպէն դուրս գալու առումով:

Ընդդիմութեան պնդմամբ, ներկայացուած առաջարկին մէջ նշուած է, որ զինեալները պէտք է 48 ժամուան ընթացքն լքեն Հալէպը, իսկ առաջարկող կողմը պիտի փորձէ ձեռք բերել ՄԱԿ-ի վերահսկողութիւնը՝ զինեալներու անվտանգ տեղափոխման համար: