Ռուսաստանի Դաշնութեան օդուժի օդանաւերը Սուրիա տեղափոխած են 40 թոն նուէր՝ սուրիացի փոքրիկներուն համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ gazeta.ru-ն՝ նշելով, որ նուէրները հաւաքուած են «Ռուսաստանի մանուկները՝ Սուրիոյ մանուկներուն» համառուսական շարժումի ծիրէն ներս:
Աղբիւրը կը նշէ, որ նուէրները պիտի փոխանցուին բոլոր այն սուրիացի երեխաներուն, որոնք կ'ապրին կառավարական բանակի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ: