image

«Ռուսաստանի մանուկները՝ Սուրիոյ մանուկներուն» նախագիծով 40 թոն նուէր տեղափոխուած է Սուրիա

«Ռուսաստանի մանուկները՝ Սուրիոյ մանուկներուն» նախագիծով 40 թոն նուէր տեղափոխուած է Սուրիա

Ռուսաստանի Դաշնութեան օդուժի օդանաւերը Սուրիա տեղափոխած են 40 թոն նուէր՝ սուրիացի փոքրիկներուն համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ gazeta.ru-ն՝ նշելով, որ նուէրները հաւաքուած են «Ռուսաստանի մանուկները՝ Սուրիոյ մանուկներուն» համառուսական շարժումի ծիրէն ներս:

Աղբիւրը կը նշէ, որ նուէրները պիտի փոխանցուին բոլոր այն սուրիացի երեխաներուն, որոնք կ'ապրին կառավարական բանակի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ: