image

Ռուսաստան կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ Լիբանանի սուրիացի գաղթականներու խնդրով

Ռուսաստան կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ Լիբանանի սուրիացի գաղթականներու խնդրով

Ռուսիոյ նախագահ Փութինի կողմէ Լիբանան ուղարկուած պատուիրակութիւնը հասած է Պէյրութ, կը յայտնէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Պատուիրակութեան կազմը կ'ընդգրկէ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարը, Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանի պաշտօնակատարը, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններու պաշտօնեայ շարք մը սպաներ, դիւանագէտներ եւ խորհրդականներ:

Այցելութեան նպատակը, ըստ կայքին, տարածաշրջանի մէջ զգալի թիւ կազմող սուրիացի փախստականներու վերադարձի հարցի քննարկումն է, մանաւանդ, որ Թրամբ-Փութին հանդիպումէն ետք Ռուսիա իր վրայ վերցուց տարածաշրջանի ճգնաժամի լուծման մենաշնորհը:

Ռուսական կողմին համոզմամբ, Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններու աւարտով անհրաժեշտութիւն կ'առաջանայ փախստականներու վերադարձի, նկատի ունենալով, որ այն պիտի դառնայ երկրի անվտանգութեան վերահաստատման գրաւականը:

Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած նախագիծը կ'ընդգրկէ ռուսական, լիբանանեան, թրքական, յորդանանեան կողմերու մասնակցութեամբ յանձնաժողովներու ստեղծումը, որոնք պիտի հովանաւորուին Ռուսիոյ կողմէ եւ պիտի կարգաւորեն փախստականներու նավտանգ տունդարձը: Ռուսիա միաժամանակ շեշտած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնն իր հաւանութիւնը տուած է ռուսական առաջարկին, եւ երաշխաւորած վերադառնալ ցանկացող փախստականներու անվտանգութիւնը: