image

Ռուսական ուժեր սպաննած են Տաղստանի «Կովկասի էմիր»ը

Ռուսական ուժեր սպաննած են Տաղստանի «Կովկասի էմիր»ը

Ռուսական մասնայատուկ ուժեր գործողութիւն մը կատարելով յաջողած են ոչնչացնել Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման Տաղստանի Էմիրը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Քուտս» ելեքդրոնային կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ դէպքը պատահած է Տաղստանի մայրաքաղաք Մահաչքալայի մէջ, ուր ռուսական գաղտնի ծառայութիւնը յաջողած է թակարդ մը լարել եւ ոչնչացնել Ռուստամ Ասիլտիրովն ու անոր 4 ընկերակիցները: Կը հաղորդուի , որ Տահէշի գլխաւոր առաջնորդ ՝ Ապու Պաքըր Ալ Պաղտատիին իր «հաւարատմութիւն»ը յայտնած Ասիլտիրով կը համարուի Տաղստանի եւ Վոլկոոկրատի մէջ գրանցուած երկու ահաբեկչական գրոհներու ծրագրողն ու կազմակերպիչը: Ռուսական ծառայութիւննեեր կը փոխանցեն նաեւ, որ Ասիլտիրով 2010-ին կը ծրագրէր անձնասպանական շարք մը գործողութիւններ կատարել թիրախ ընտրելով Մոսկուայի «կարմիր հրապարակ»ը:

 

Շէյխ Մոհամմատ ալ քատըրի անունով ճանչցուած Ասիլտիրովի սպաննութիւնը կարեւոր հարուած կը համարուի Ռուսիոյ շրջակայքը գտնուոող երկիրներուն մէջ բոյն դրած իսլամիստ խմբաւորումներուն: