image

Ատրպէյճանցիք սպաննած են հայ ռազմագերին

Ատրպէյճանցիք սպաննած են հայ ռազմագերին

Ատրպէյճանական ընկերային ցանցերուն մէջ դեռ 24 նոյեմբերին տեսանիւթեր տարածուեցան հայ գերիներու մասնակցութեամբ, որոնց մէջ էր նաեւ Լոռիի մարզի Կաթնաջուր գիւղի բնակիչ 18-ամեայ Էրիկ Մխիթարեանը: Էրիկը բանակ զօրակոչուած էր 2020-ի 8 յուլիսին:

Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի ժամանակ մասնակցած է մարտական գործողութիւններուն՝ Ճապրայիլի մէջ (Ջրական), Արա Լեռան եւ Հադրութի մէջ, վերջին անգամ ընտանիքի հետ կապ հաստատած էր 8 հոկտեմբերին, Հադրութէն:

24 Նոյեմբերին ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած տեսանիւթէն յայտնի դարձաւ, որ տղան գերեվարուած է: Ընտանիքի անդամները տղայի վերադարձման պահանջով ու ակնկալիքով դիմած էին Կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակ, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, բոլոր հնարաւոր կառոյցներուն ու խնդրով զբաղուող անձանց: Հակառակ այն հանգամանքին, որ Էրիկի գերեվարման մասին տեսանիւթեր հրապարակած էին ատրպէյճանական կողմէն, սակայն Կարմիր խաչի հարցումներուն դրական պատասխան չէին տուած, որ կը նշանակէ թէ, Էրիկի գերեվարման փաստը ատրպէյճանական կողմը չէր հաստատած:

Մինչ ընտանիքը ամէն վայրկեան կը սպասէր Էրիկին հայրենիք վերադարձնելուն՝ 8 ապրիլին հաստատուած է տղայի մահուան լուրը: DNA երեք հետազօտութիւններն ալ դրական պատասխան տուած են: Էրիքը մահացած է, իսկ դին գտած են որոնողական աշխատանքներու ժամանակ: Այս տեղեկութիւնը ՀԺ-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած են Էրիկի հարազատները:

Սա անգամ մը եւս կ'ապացուցէ, որ ողջ ու առողջ վիճակի մէջ գերեվարուած զինծառայողը այսօր մահացած է: Փաստօրէն՝ Էրիկին պարզապէս սպաննած են գերի վերցնելէ, տեսանկարահանելէ ու ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակելէ ետք: