image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս բարձրաստիճան զինուորականներու պատուիրակութիւն մը Երեւան ժամանած է

Ռուս բարձրաստիճան զինուորականներու պատուիրակութիւն մը Երեւան ժամանած է

 

25 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Սերկէյ Իստրակովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ հայ-ռուսական երկկողմ ռազմական համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւններով շտապային բանակցութիւններու մասնակցելու նպատակով: Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ-ն։

 

Նոյն օրը պատուիրակութեան ղեկավարին ընդունած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանը: Կայացած է նաեւ Սերկէյ Իստրակովի հանդիպումը ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին նախանշուած են առաջիկայ աշխատանքներու ծաւալն ու ուղղութիւնները: