image
Հրատապ լուրեր:

Ռազմական գործողութիւններուն, ոչ մէկ պարտադիր-ժամկէտային զինուոր ներգրաւուած է. Զօր.Մովսէս Յակոբեան

Ռազմական գործողութիւններուն, ոչ մէկ պարտադիր-ժամկէտային զինուոր ներգրաւուած է. Զօր.Մովսէս Յակոբեան

Իրականացուող գործողութիւններուն պարտադիր ժամկէտային ոչ մէկ զինծառայող ներգրաւուած է: Այս մասին ArmLur.am-ի  հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանը:

Դիտարկման, որ պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներու մեծ թիւով ծնողներ կ'ահազանգեն, որ չեն կրնար կապ հաստատել իրենց երեխաներուն հետ եւ չեն գիտեր, թէ ինչ վիճակի մէջ են իրենց երեխաները, Յակոբեանն ըսած է. «Միայն կրնամ յայտնել իրավիճակը վերահսկելի է, ամէն ինչ կը կառավարուի, իսկ զինուորներու ծնողները կը յորդորեմ հանգիստ ըլլան, իրականացուող գործողութիւններուն մէջ ոչ մէկ պարտադիր ժամկէտային զինծառայող ներգրաւուած է»: