Սուրիոյ մէջ սպաննուած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման առաջնորդներէն մէկը, որ կապ ունեցած է ֆրանսական Charlie Hebdo երգիծական թերթի խմբագրութեան վրայ յարձակման հետ:
Պուպաքար ալ Հաքիմը սպանուած է Ռաքքայի մէջ, 26 նոյեմբերին ԱՄՆ-ի` Սուրիոյ վրայ իրականացուցած օդային յարձակման հետեւանքով: Այս մասին կը հաղորդէ The Telegraph-ը` յղում ընելով ամերիկացի զինուորականներուն: Կը գրէ tert.am:
Կայքի հաղորդմամբ` սպաննուածը որոշակի դեր ունեցած է ԻՊ-ի ծրագրած յարձակման մեջ:
Նշենք, որ Charlie Hebdo երգիծական թերթի խմբագրութեան վրայ յարձակումը տեղի ունեցած էր 2015 թուականի 7 յունվարին, Փարիզի մէջ, որուն զոհ դարձած էր 12 մարդ։