image

Ռաքքայի մէջ սպաննուած է Տահէշի թուրք յայտնի զինեալը

Ռաքքայի մէջ սպաննուած է Տահէշի թուրք յայտնի զինեալը

Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ սպաննուած է «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան թուրք ամենայայտնի զինեալը` Իսրաֆիլ Եըլմազը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Milliyet» թերթը, նշելով, որ 28-ամեայ Եըլմազը` ծնած է Թուրքիոյ Ատանա քաղաքին մէջ, կը բնակէր Հոլանտա: Նախքան ԻՊ-ին անդամագրուիլը, ծառայած է Հոլանտայի Զինուած ուժերուն մէջ: Ան բանակի շարքերը լքած էր 2013-ին եւ մեկնած Սուրիա եւ հոն ընտանիք կազմած: Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Եըլմազը սպաննուած է Ռաքքայի մէջ իրականացուած օդային գործողութեան ժամանակ:

Կը նշուի նաեւ թուրք զինեալը Թուրքիա ապրած ժամանակ 460 օր ծառայութիւն անցած է Չանաքալլէի (Տարտանել) ոստիկանական 11-րդ ոսումնական ջոկատին մէջ: