image
Հրատապ լուրեր:

Ռաքքայի մէջ դպրոց մը օդային յարձակման թիրախ դարձած է. Կայ 33 մեռեալ

Ռաքքայի մէջ դպրոց մը օդային յարձակման թիրախ դարձած է. Կայ 33 մեռեալ

Ռաքքայի մէջ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան դէմ Միջազգային դաշնութեան գործած օդային յարձակման արդիւնքով, դպրոց մը հրթիռակոծուած է, որու հետեւանքով նուազագոյն 33 մարդ զոհուած է: Այս մասին այսօր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու դիտորդը, նշելով, որ միջազգային օդուժին թիրախ դարձած դպրոցը կը գործէր որպէս փախստականներու կացարան:

 

Աղբիւրի համաձայն յարձակումը տեղի ունեցած է երեքշաբթի առաւօտեան Ռաքքայի Ալ-Մանսուրա գիւղի հարաւը, որ կը գտնուի իսլամական պետութեան վերահսկողութեան տակ:


Դիտորդի տնօրէն Ռամի Ապըտ ալ-Ռահման յայտնած է, որ «յարձակման հետեւանքով՝ Ռաքքայէն, Հալէպէն եւ Հոմսէն եկած 33 փախստականներ սպանուած են», աւելցնելով, որ «փլած շէնքերէն դիակներու դուրսբերման եւ զոհերու տարհանման աշխատանքները մինչեւ այս պահը կը շարունակուին. Ցարդ երկու մարդ միայն կենդանի դուրս եկած է փլատակներուն տակէն»:

 

Դիտորդը նշած է, որ յարձակման պատասխանատու կողմը պարզ դարձած է օդային կործանիչներու եւ օգտագործուած զինամթերքի տեսակէն, աւելցնելով_, որ յարձակման թիրախ դարձած դպրոցին մէջ 50 ընտանիք ապաստանած էր: