Վերջին ժամանակներուն Թուրքիա բնակութիւն հաստատած մեծ թիւով հայաստանացիներ որոշած են հայրենիք վերադառնալ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։
Մեր տուեալներով հայաստանացի մեր հայրենակիցները վերադառնալու որոշում կայացուցած են «Քորոնա» վարակի տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, անորոշութեան եւ հնարաւոր զարգացումները ի մտի ունենալով։
Կը նշուի նաեւ, որ երէկ 100 հայաստանցիներ յատուկ կառքերու մէջ ճանապարահ ելած են եւ հատելէ ետք Թուրքիա-Վրաստան ցամաքային ճանապարհը պիտի բռնեն տունդարձի ճամբան։
Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Քորոնա»ի հետեւանքով Թուրքիոյ մարմիններուն առած քայլերուն հետեւանքով ցամաքային ճանապարհորդութեան պայմանները խստացուած են եւ մեր հայրենակիցներուն ճամբու դնելու գործընթացը հեշտացնելու համար կարեւոր դեր ունեցած են ՀՀ պատկան մարմինները, ինչպէս նաեւ խումբ մը պոլիս ապրող մեր հայրենակիցները գլխաւորութեամբ Տիար ՝ Գագիկ Մուշեղեանին։
Թուրքիոյ մարմինները ճանապարհորդներուն յորդորած է, որ ճամբորդներէն իւրաքանչիւրը նստի մարդատար կառքի նստարաններուն, այդպիսով պահպանելով «Քորոնա»ի հետեւանքով ստեղծուած ընկերային հեռաւորութիւն պահպանելու հիմնաւոր նախապայմանը։
Բարի ճանապարհ եւ բարի վերադարձ կը մաղթենք մեր հայրենակիցներուն։