Իրաքի քիւրտիստանի ղեկավար Մէսուտ Պարզանի այսօր Անգարա պիտի ժամանէ: Պարզանի հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռէֆէբ Թայէպ Էրտողանին եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Ըստ թրքական «Միլլիյէթ»ին քննարկումներու հիմնական առանցքը Սուրիոյ հարցն է եւ օրերս Հասաքէ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները: