image
Հրատապ լուրեր:

Քէսապի հոգեւոր հզօր աստղերէն մին եւս հանգեցաւ. Յակոբ Քորթմոսեան

Քէսապի  հոգեւոր  հզօր աստղերէն  մին եւս  հանգեցաւ. Յակոբ Քորթմոսեան

 

(Տ.Արամ Ա. Քհնյ. Գլընճեանի յիշատակին)

 

- Կեանքը քեզի, քիչ առաջ Տէր Արամը վախճանեցաւ...

Շանթի նման էր փոխանցուած գոյժը սիրելի բարեկամի մը կողմէ: Պահուան մը համար ամբողջութեամբ անջատուեցայ... Տէր Արամը..., վախճանած...

Անկեղծ ըլլալու համար տեղեակ չէի լուսահոգի Տէր Հօր առողջականի այդքան ծանր ըլլալուն մասին: Գիտէի, որ վերջին շրջանին Հալէպէն անցած էր Դամասկոս եւ անկէ ալ Լիբանան: Գոյժը ուղղակի ահաւոր ու անհաւատալի էր: Անհաւատալի էր, որով այս կեանքէն դէպի միւս կեաք փոխադրուողը մարդակերպ ՀՐԵՇՏԱԿ մըն էր բառին բուն եւ իսկական իմաստով: Հրեշտակ մը, որ իր քաղցր ժպիտով, ուրախութիւն կը սփռէր իր շուրջիններուն վրայ: Հրեշտակ մը, որ իր խաղաղ դէմքով, խաղաղութիւն կը պարգեւէր իր դիմացիններուն մէջ: Հրեշտակ մը, որ իր կեցուածքով ոչ մէկ տարբերութիւն ունէր երկնային հրեշտակներէն:

 

Տէր Արամը ոչ եւս է...

Դժուար է հաւտալ, դժուար է նոյնիսկ մտածել այդ մասին, բայց Աստուծոյ օրհնեալ կամքին համար դժուար եւ անհասկնալի կամ անհաւատալի բան չկայ, որով օրհնեա՜լ ըլլայ Անոր Սուրբ Կամքը:

 

Տէր Արամը իր ծառայական կեանքը սկսած էր իր հայրենի գիւղին՝ Քէսապի մէջ, եւ ապա փոխադրուած էր Հալէպ, ուր եւ ստացած էր «հրեշտակ» տիտղոսը:

Քէսապի իր ծառայութեան տարիները առանց վարանելու կրնամ ըսել, որ եղած ե արդիւնաբեր: Շատեր, չկրցան գնահատել Անոր արժանիքները եւ ունեցած մե՛ծ շնորհը Քէսապի հոգեւոր շինութեան առումով, բայց այդ չի նշանակեր որ չեմ կրնար զինք կոչել քէսապցիներու հոգիներու կերտիչ: Շատեր նոյնիսկ չեն գիտակցիր այն իրողութեան, որ ինչ որ ներկայիս են հոգեւորապէս, այդ մէկը կը պարտին Տէր Արամի սերմանած սերմերուն: Եւ այնպէս, ոմանց չգիտակցիլը Տէր Արամի կերպարին վրայ ո՛չ մէկ ստուեր կրնայ ձգել: Ան հոգեւորական էր եւ միաժամանակ մարդ բոլոր առումներով:

 

Անձնական վկայութիւն մը կ'ուզեմ տալ: Ես, լուսահոգի Տէր Արամէն է որ սորված եմ, թէ մարդ Եկեղեցիէն ներս ինչպէ՛ս պէտք է կանգնի, ինչպէ՛ս պէտք է ինքզինք պահէ: Մեր մատղաշ տարիներուն երբ Եկեղեցի կ'երթայինք մեր ծառայութիւնը մատուեցելու, բոլորիս համար ալ Տէր Արամին կերպարը յարգանք պարտադրող կերպար էր, եւ միաժամանակ ուսուցիչի կերպար, ով իւրաքանչիւր անտեղի շարժումի պարագային բացատրութիւն տալով ճիշդը կը սորվեցնէր: Մեր մանուկ միտքերուն համար շատ յաճախ Տէր Արամին «յանդիմանութիւն»ները անտեղի կը գտնէինք կամ կը նեղուէինք՝ մանկական անկեղծութեամբ, բայց անձնապէս, երբ յետագային առիթ ունեցայ յաճախելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, ուսանողութեանս տարիներուն կամաց-կամաց սկսայ հասկնալ Տէր Արամին բծախնդրութիւնն ու ջերմեռանդութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցիէն ներս մեր ունեցած պահուածքին: Այդ տարիներուն է նաեւ, որ հասկցայ թէ Տէր Արամին սերմանած սերմերը սկսած էին իրենց պտուղները տալ...

 

Քէսապի եւ Հալէպի մէջ Տէր Հօր կատարած ծառայութիւնները բոլորին ալ յայտնի է, եւ վստահաբար բոլոր անոնք որոնք ճանչցած են Տէր Արամին, անպայմանօրէն լաւ յիշատակ մը ունին, աւելին այնպիսի վկայութիւններ ունին տալիք, որով ի յայտ կու գայ Տէր Արամին ճշմարտի պատկերը:

 

Միւս կողմէ, Տէր Արամը ոմանց կողմէ ալ սխալ հասկցուեցաւ եւ նոյնիսկ շատեր ապրելով ու գործելով իր հետ, չկրցան ճանչնալ զինք: Պատճառները կրնան տարբեր ըլլան, բայց ինչքան ալ պատճառները տարբեր ու շատ ըլլան, ո՛չ մէկ պատճառ կրնայ արդարացուցիչ ըլլալ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ, մեր ներկայ ընկերութիւնը Տէր Արամին նման ազնիւ ու նուիրեալ հոգեւորականներ չի՛ կրնար տանիլ, չի՛ կրնար ընդունիլ, որովհետեւ ներկայ ընկերութիւնը ապականուած է եւ չափանիշներն ալ փոխուած են, ցաւ ի սիրտ: Այդ բոլորվ հանդերձ եւ հակառակ այդպիսիներու գործած սեւ արարքներուն, Տէր Արամը կը մնայ ժողովուրդին համար ՀՐԵՇՏԱԿ ՏԷՐ ԱՐԱՄ, որովհետեւ հոգեւորականի մը ինչութիւնը պարզողը ո՛չ թէ անհատներն են, այլ՝ ժողովուրդը: Այլ քէսապցի հզօր հոգեւորական մը՝ լուսահոգի Արտաւազդ Արք. Թրթռեանը, խօսակցութեան մը ընթացքին, հետեւեալը ըսած էր ինծի. «Կարեւոր չէ թէ պատասխանատու մարդիկ ի՛նչ կ'ըսեն մեր մասին, կարեւորը՝ ժողովո՛ւրդը ինչ կ'ըսէ մեր մասին, որովհետեւ ժողովուրդը Աստուծոյ ակնոցն է աշխարհի վրայ»: Այնպէս որ, Տէր Արամին ով ըլլալու մասին, ժողովուրդը վաղուց տուած է իր վկայութիւնը:

 

Ի վերջոյ, խորին ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ լուսահգոի Տէր Հօր Երէցկնոջ՝ Քնար Հօրքուրին, եւ անոր երկու զաւակներուն՝ Յովիկին եւ Արազին: Ինչպէս նաեւ Գերշ. Տ. Յակոբ Արքեպիսկոպոս Գլընճեանին, Վրէժ Գլընճեանին եւ իր ընտանիքին ու Օրդ. Սոնիային եւ բոլոր հարազատներուն: Սիրելիներ, ցաւը խորն է, վիշտը մեծ է, բայց Սուրբ Հոգին Ի՛նք է մխիթարողը: Մխիթարուեցէ՛ք Սուրբ Հոգիով եւ միշտ Ձեր գլուխը վեր թող մնայ, նման ՀՐԵՇՏԱԿ մը ունենալնուդ համար:

 

Հանգի՛ստ ննջէ, սիրելի՛ Տէր Հայր, եւ բարեխօսէ՛ մեզի համար Քու Տիրոջդ մօտ:

 

Յիշատակն Արդարոյն, օրհնութեամբ եղիցի:

 

Էջմիածին, 20 Օգոստոս 2016