ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քերի ամերիկեան «PBS» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբի վարչակազմը մօտեցումներ պիտի փնտռէ` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար:
«Ես յոյս ունիմ, որ նոր վարչակազմը պիտի զբաղի Ռուսիոյ հետ կապուած հարցերով` անոնց տալով ռազմավարական նշանակութիւն, եւ պիտի ունենայ յստակ նպատակ` փորձել մշակել ընդհանուր տեսլական Ռուսիոյ հետ, բայց առանց մէկդի դնելու այն հիմնարար արժէքներն ու սկզբունքները, որոնք ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան հիմքն են»,- ըսած է Քերի:
Ան ռուս-ամերիկեան յարաբերութեան ներկայիս վիճակը «բարդ» որակած է: Քերի նշած է, որ, այնուամենայնիւ, Ուաշինկթոնն ու Մոսկուան համատեղ ձեռքբերումներու փորձ ունին, ինչպէս` Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի վերացման փորձը:
Միեւնոյն ժամանակ, Քերի ռուսերու միջամտութիւնը ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն որակած է որպէս «թշնամական գործողութիւն»:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւնները զեկոյց հրապարակած էին, ուր նշուած էր, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը ցանցահէններու օգնութեամբ փորձած է վարկաբեկել ԱՄՆ նախագահի դեմոկրատ թեկնածու Հիլարի Քլինթոնը` ստեղծելով նպաստաւոր պայմաններ՝ հանրապետական Թրամբի յաղթանակին համար:
Սակայն ռուսական կողմը կտրականապէս կը հերքէ նման մեղադրանքները: