image

Քերի ռուսերու միջամտութիւնը ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն որակած է որպէս «թշնամական գործողութիւն»

Քերի ռուսերու միջամտութիւնը ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն  որակած է որպէս «թշնամական գործողութիւն»

ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քերի ամերիկեան «PBS»  հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին յոյս  յայտնած է, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբի վարչակազմը մօտեցումներ պիտի փնտռէ`  Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար:

«Ես  յոյս ունիմ, որ նոր վարչակազմը պիտի զբաղի Ռուսիոյ հետ կապուած հարցերով` անոնց տալով  ռազմավարական նշանակութիւն, եւ պիտի ունենայ յստակ նպատակ` փորձել մշակել ընդհանուր տեսլական Ռուսիոյ հետ, բայց առանց մէկդի դնելու այն հիմնարար արժէքներն ու սկզբունքները, որոնք ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան հիմքն են»,- ըսած է Քերի:

Ան  ռուս-ամերիկեան յարաբերութեան ներկայիս վիճակը «բարդ»  որակած է: Քերի նշած է, որ, այնուամենայնիւ, Ուաշինկթոնն ու Մոսկուան  համատեղ ձեռքբերումներու փորձ ունին, ինչպէս` Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի վերացման փորձը:

Միեւնոյն ժամանակ, Քերի ռուսերու միջամտութիւնը ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն  որակած է որպէս «թշնամական գործողութիւն»:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւնները զեկոյց հրապարակած էին, ուր նշուած էր, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը ցանցահէններու օգնութեամբ փորձած է վարկաբեկել ԱՄՆ նախագահի դեմոկրատ թեկնածու Հիլարի Քլինթոնը` ստեղծելով նպաստաւոր պայմաններ՝ հանրապետական ​​Թրամբի յաղթանակին համար:

Սակայն ռուսական կողմը կտրականապէս կը հերքէ նման մեղադրանքները: