Պոլսոյ առաջին ատեանի քրէական դատարանէն ներս կայացած է Թուրքիոյ հայկական «Ակօս» թերթին ուղղուած վիրաւորանքներու եւ սպառնալիքներու քրգործով դատական նիստը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Cumhuriyet» թերթը, նշելով, որ նիստին ներկայ եղած են մեղադրեալներն ու կողմերու փաստաբանները, իսկ մեղադրող կողմ հանդիսացող «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Էտուարտ Տանձիկեանը նիստին չէ մասնակցած:
Գործով մեղադրեալներ՝ Թուրքիոյ ազգայնական կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կառոյցի ղեկավար Պիլալ Կիւոքչէիւրթը եւ «Թուրանեան օճախներ» (Turan Ocakları) ազգայնական խմբաւորման ղեկավար Էրճան Ուրչարը հերքած են իրենց ուղղուած մեղադրանքները՝ 24 ապրիլ 2015-ին «Ակօս»-ին ուղղուած վիրաւորանքներ ու սպառնալիքներ պարունակող թռուցիկներ բաժանելու վերաբերեալ: Նիստի ժամանակ մեղադրեալնեը պնդած են, որ իրենք չեն ճանաչնար ո՛չ 2007թ. սպանուած թերթի նախկին խմբագիր Հրանտ Տինքը, ո՛չ ալ ներկայիս խմբագիր Էտուարտ Տանձիկեանը: Անոնց նպատակը եղած է իրենց բողոքը արտայայտել Թուրքիոյ կողմէ չճանչցուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ հայամէտ հրապարակումներ կատարող «Ակօս»-ի գործունէութեան դէմ եւ պետութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել թեմայի վրայ:
Իսկ որպէս վկայ հանդէս եկած Ֆեթհիյէ Չեթինը, որ նաեւ «Ակօս»-ի փաստաբանն է, նկարագրելով դէպքի օրը տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ նշած է, որ Հրանտ Տինքի սպանութենէն առաջ ալ «Ակօս»-ին ուղղուած էր նմանատիպ յայտարարութիւններ, սպառնալիքներ ու հայատեաց կոչեր: Այդ պատճառով ալ դէպքը անհանգստացուցած է թերթի աշխատակիցներուն:
Դատարանը միջանկեալ որոշում կայացուցած է մեղադրող կողմ հանդիսացող Էտուարտ Տանձիկեանին հարկադրաբար դատարանի դահլիճ բերելու մասին: Միաժամանակ մերժած է մեղադրեալներու առաջադրած վկայի հարցաքննութիւնը եւ նիստը յետաձգուած է:
Նշենք, որ Պոլսոյ գլխաւոր հանրապետական դատախազութեան կողմէ կազմուած մեղադրական եզրակացութեամբ արձանագրուած էր, որ կասկածեալները անհիմն մեղադրանաքներ ուղղած էին «Ակօս»-ի խմբագիրին, որ Թուրքիոյ քաղաքացի ըլլալով եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ ազդեցութեան որեւէ լծակ չունենալով, չէր կրնար որեւէ դեր խաղալ ղարաբաղեան հարցի մէջ Հայաստանի քայլերու ընտրութեան մէջ: Վիրաւորանքներ եւ սպառնալիքներ հնչեցնելու մեղադրանքով պահանջուած էր մեղադրեալներու համար որպէս պատիժ սահմանել 9 ամսէն մինչեւ 4 տարի ազատազրկում :