image

Պոլսահայեր Աթէշեանի քարոզած պահուն իբրեւ բողոք Սուրբ Գիրքեր բարձրացուցած են

Պոլսահայեր Աթէշեանի քարոզած պահուն իբրեւ բողոք Սուրբ Գիրքեր բարձրացուցած են

Քսանէ աւելի հայորդիներ երէկ բողոքի արտայայտութիւն ունեցած են Պոլսոյ  մէջ: Այս  մասին կը տեղեկացնէ «Հայ Ձայն» լրատուական կայքէջը: Հաւաքին  մասնակիցները բողոքած են Արամ Աթէշեանի կեցուածքներուն եւ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն չհրաժարելուն դէմ:

Հայորդիները ներկայ գտնուած են Պոլսոյ Ֆէրիւգիղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ուր Աթէշեան օրուան քարոզիչն էր: Անոնք  Աթէշեանի քարոզած պահուն, իբրեւ բողոքի նշան բարձրացուցած են իրենց ձեռքերուն եղող Սուրբ Գիրքերը, ապա եկեղեցւոյ շրջաբակ ելլելով բռնած են պաստառներ որոնց վրայ գրուած է՝ «Մենք պիտի ընտրենք մեր Պատրիարք»ը (հայատառ եւ թրքատառ):

 Նշենք, որ միջոցառման մասնակցութիւն բերած  են Պոլսոյ մէջ գործող «Մտքի  հարթակ» միութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Պաքըրգիւղ շրջանի քաղաքապետարանի հայ աշխատակից (նշեալ քաղաքապետրանի մշակոյթի հարցերով վարչութեան անդամ) Նուրհան Չէիթինքայան եւ պոլսահայ հասարակական գործիչ՝ Թատդէոս  Պէպէք: