Երեք ամիս առաջ, 31 Մարտ 2019-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւներ: Այս ընտրութիւններուն «Ժողովուրդի Դաշինք»-ի թեկնածու, Թուրքիոյ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան (Ժ.Հ.Կ.) անդամ Էքրէմ Իմամօղլուն մօտաւորապէս 24.000 ձայնով յաղթեց «Հանրութեան» դաշինքի թեկնածու, Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան (Ա.Զ.Կ.) անդամ Պինալի Ելտըրըմին: Այս պարտութիւնը չհանդուրժող Էրտողանի եւ իր դաշնակիցին ճնշումներուն տակ, տեսակ-տեսակ եւ երբեմն ալ շատ ծիծաղելի «հիմնաւորումներով» Բարձրագոյն Ընտրական Մարմինը (Բ.Ը.Մ.) քուէներու վերահաշուարկումը կատարեց, վերահաշուարկման արդիւնքները կրկին հաստատեցին Էքրէմ Իմամօղլուի յաղթանակը, այս անգամ 13.000 ձայնով: Ճառահատ իշխանութիւնները Բ.Ը.Մ.-ին «պարտադրեցին», որ նոր ընտրութիւն նշանակուի միայն Պոլսոյ քաղաքապետութեան նախագահի պաշտօնին համար:
23 Յունիս 2019-ին տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Մեծ Քաղաքի Քաղաքային Խորհուրդի նոր նախագահի ընտրութիւն: Ընտրութեան արդիւնքները եկան շռնթալից ապտակ մը տալու Էրտողանին եւ իշխանութեան դաշինքին, 31 Մարտի ընտրութեան 13.000 ձայնի տարբերութիւնը բարձրացաւ 806.000 (ութհարիւր վեց հազար) ձայնի:
Ընտրութիւններու նախօրէին բոլոր վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տային Իմամօղլուի առաջատար դիրքի վրայ ըլլալը, սակայն 806.000 ձայնի մեծ տարբերութիւնը անակնկալ կարելի է համարել:
Ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս արդիւնքը քաղաքական իմաստով:
1- 31 Մարտի ընտրութիւններէն ետք Էրտողան եւ անոր թեկնածուն՝ Պինալի Եըլտըրըմ, քանի անգամ կրկնեցին «մեր քուէները գողցան» արտայայտութիւնը, եւ ասոր որպէս հիմնաւորում, երկրորդ հաշուարկումէն յետոյ Իմամօղլուին տրուած քուէներու նուազումը կը ներկայացնէին:
Կրկնուած ընտրութիւններու 806.000 ձայնի մեծ առաւելութիւնը ցոյց տուին, որ կա՛մ Էրտողանի իշխանութիւնն էր, որ գողցած էր ձայները եւ երկրորդ ընտրութեան ձայները իրենց ճիշդ տէրերուն դարձան, կա՛մ ալ առաջին ընտրութենէն ետք Իմամօղլուին հանդէպ եղած անարդարութիւնը, Ա.Զ.Կ.-ի եւ անոր դաշնակից Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան (Ա.Շ.Կ.) անդամներու քուէները փախադրուեցան Իմամօղլուին:
2- Դէտերու գնահատումով «Պոլիսը առնողը ամբողջ Թուրքիոյ կ'իշխէ». յիշենք, որ ինքնին Էրտողանին նախագահութեան տանող քաղաքական մրցավազքը սկսած է Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնէն: Այսօր կը խօսուի, որ Թուրքիոյ ամենաուժեղ նախագահութեան թեկնածուն Էքրէմ Իմամօղլուն է: Ճիշդ այս պատճառով էր, որ Էրտողան Պոլսոյ ընտրութիւնները «գոյութեան հարց» կ'անուանէր:
3- Հակառակ իշխանութեան դաշինքի երկու կողմերու ղեկավարներու հաւաստիացումներուն՝ դաշինքը շարունակելու մասին, սակայն յստակ յայտնի եղաւ, որ Ա.Շ.Կ.-ի համակիրները չեն հանդուրժեր այս դաշինքը, Էրտողանի ղեկավարած Ա.Զ.Կ.-ի սխալ քաղաքականութիւններու պատճառով:
4- Այս ընտրութիւններուն յստակ ի յայտ եկաւ ազգային փոքրամասնութիւնները եւ քիւրտերու մեծամասնութիւնը իր մէջ ընդգրկած Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (Ժ.Դ.Կ.) որոշիչ կշիռը. նժարը ի նպաստ Իմամօղլուին իջնելու պատճառներէն մէկը եղաւ այս զանգուածը: Այստեղ յիշարժան է Իմամօղլուի յաղթանակի առաջին ելոյթը, ուր ան մէկ առ մէկ յիշեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսոյ ազգային բաղկացուցիչներուն` յոյներուն, հայերուն, մովսէսականներուն, լազերուն, ասորիներուն եւ այլոց:
5- Այս ընտրութիւններու հետեւանքը աղէտալի պիտի ըլլայ Էրտողանին եւ իր կուսակցութեան համար. նախընտրական շրջանին ճաթռտուքներու նշոյլները սկսան երեւիլ կուսակցութեան մէջ: Ասոնցմէ ամէնէն բացայայտ եւ ծանրակշիռ հերձուածը Ալի Պապաճան, Ապտիւլլահ Կիւլ եւ Ահմէտ Տաւուտօղլու եռեակին նոր կուսակցութիւն մը հիմնելու մասին յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ, ուր կը նախատեսուի, որ Ա. Կիւլ նշանակուի պատուոյ նախագահ, իսկ կուսակցութեան ղեկը բաժնուին Ա. Տաւուտօղլուն եւ Ա. Պապաճանը: Այս նոր կուսակցութեան հիմնադրութիւնը Ա.Զ. Կուսակցութեան հիմքերը խալխլող առաջին ցնցումը պիտի ըլլայ:
Վերջապէս, Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան 17 տարուան իշխանութեան գահավիժումի նախանշոյլները սկսան երեւիլ, այս բոլորին պատասխանատուութիւնը կը կրէ ինքը` Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանը, իր միահեծան բռնատիրական քաղաքականութիւններու պատճառով: Հինգ տարի ետք կայանալիք ընտրութիւնները կրնան նոր իշխանութիւններ արտադրել, ուր քեմալիստ Ժ.Հ.Կ.-ն եւ անոր դաշնակից Ազգային Ազատական Պահպանողական «IYI» կուսակցութիւնը կրնան հասնիլ իշխանութեան կամ առնուազն բարելաւէն իրենց դիրքերը:
Մեզի համար, որպէս հայեր, շատ բան պիտի չփոխուի մեր գլխաւոր հարցի` այսինքն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ, սակայն ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ այսօր գոյութիւն ունեցող խտրականութեան եւ ատելութեան մթնոլորտը կրնայ մեղմանալ: Բայց այս երբեք ըսել չէ, որ գլուխներս հանգիստ բարձին կրնանք դնել եւ հանգստանալ, մենք լաւ գիտենք քեմալականներու իշխանութիւններու օրով տեղի ունեցած Տերսիմի ջարդերը, հայերու, յոյներու եւ հրեաներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները, Կիպրոսի զաւթումը, իսլամ ազգաբնակչութեան բռնի թրքացումը եւ թուրք ազգին մէջ ձուլելու քաղաքականութիւնները:
Ամէն պարագայի, այսօրուան պայմաններուն մէջ չարեաց փոքրագոյնն է: Նախընտրելի է ժամանակակից արտաքինով 21-րդ դարու արժէքներուն հաւատացող Իմամօղլու մը քան թէ «Արդարութիւն եւ Զարգացում» անուան տակ թաքնուած «Մուսուլման Եղբայրներ» կուսակցութեան թրքական տարբերակը հանդիսացող Պինալի Ելտըրըմը:
Ալեքսան Քէօշկէրեան
«ԱՐԱՐԱՏ»