Պռոշեան գիւղին մէջ պիտի նշուի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպաննութեան երրորդ տարելիցը: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է դիմատետրի վրայ: Կը հաղորդուի նաեւ, թէ ի յիշատակ Մուրատեանին, 1 ապրիլի երեկոյեան գիւղի «Զորաց» պանթէոնին մօտ խարոյկ պիտի վառուի: 2 Ապրիլին եւս նախատեսուած են շարք մը միջոցառումներ, որոնք պիտի աւարտին Մուրատեանի շիրիմ այցով: Նշենք, որ Մուրատեան մասնակցութիւն բերած է արցախեան գոյամարտին: Միջոցառումները կազմակերպուած են Պռոշեանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան կողմէ: