Ռուսիա կը պաշտպանԷ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները բարելաւելու ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբի տրամադրուածութիւնը եւ պատրաստ Է կատարել իր կողմէ ակնկալուած քայլը: Այդ մասին յայտարարած Է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ «Nippon TV» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, որ հրապարակուած Է 13 Դեկտեմբերին:
«ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահը հրապարակաւ հանդէս կու գայ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու կարգաւորման օգտին, մենք չենք կրնար չաջակցիլ անոր: Մենք, բնականաբար, կը պաշտպանենք այդ, պատրաստ ենք անցնիլ ճամբուն մեր մասը»,- նշած Է Փութին, աւելցնելով. «Մենք դեռ պէտք Է հասկանանք, թէ ան ինչպէս պիտի բացայայտէ ԱՄՆ-ի մեծութիւնը վերադարձնելու իր տեսութիւնը»:
«Յոյսով ենք, որ խնդիրներ չեն առաջանար մեր համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ»,- ըսած Է Փութին: