Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը ուրբաթ օր հեռախօսազրոյց ունեցած է իր ֆրանսացի գործընկեր Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Ըստ Ռուսաստանի պետութեան ղեկավարի մամուլի ծառայութեան, զրոյցը նախաձեռնած է ֆրանսական կողմը:
Փութինը Մաքրոնին պատմած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման մասին: Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման գործին մէջ Եւրոպան ներգրաւելու անհրաժեշտութեան վրաէ:
«Վլատիմիր Փութինը տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 յունուարի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման առաջընթացի մասին: Նշուած է, որ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, հիմնական պայմանաւորուած ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ, կը մնայ կայուն: Նախադրեալներ ստեղծուած են բնականոն տնտեսական գործունէութեան հաստատման, տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման համար»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Ռուսաստանի նախագահը ուշադրութիւն հրաւիրած է ռազմական գործողութիւններէն տուժած շրջաններու բնակչութեան մարդասիրիական խնդիրներու լուծման հարցով եւրոպական գործընկերներու եւ, մասնաւորապէս, Ֆրանսայի աւելի սերտ ներգրաւման պահանջարկի վրայ»,- աւելցուցած է Քրեմլը: