image

Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Սերժ Սարգսեանի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը

Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Սերժ Սարգսեանի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեանը երէկ Ելիսէյեան պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքէջի հաղորդմամբ՝ նախագահ Մաքրոնը ողջունած է Հայաստանի նախագահին եւ նշած, որ հանդիպման ժամանակ կ'ակնկալէ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններէն բացի, քննարկել բազմակողմ ձեւաչափով, այդ շարքին՝ Ֆրանքոֆոնիայի ծիրէն ներս համագործակցութիւնը, Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումը ՀՀ-ԵՄ շրջանակային համաձայնագրի ստորագրումէն ետք:

«Ֆրանսայի նախագահը գործընկերոջմէն հետաքրքրուած է նաեւ ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներով եւ այդ գործընթացը առաջ մղելու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ նախագահ Սարգսեանի մօտեցումներով, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններով:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը երկուստէք կարեւորած են հայ-ֆրանսական խորհրդարանական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը, տնտեսական ոլորտի մէջ համագործակցութեան աշխոյժացումը՝ ընդգծելով, որ տնտեսական յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է հասցնել վերընթաց զարգացող երկկողմ քաղաքական յարաբերութիւններու ներկայիս բարձր մակարդակին:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ այս տարի իրականացուելիք Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին՝ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ընդգծած է, որ Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է եւ հնարաւորինս պիտի աջակցի գագաթնաժողովը բարձր մակարդակով իրականացնելու համար: Նախագահ Մաքրոնը սիրով ընդունած է գագաթնաժողովին մասնակցելու՝ Նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը եւ նշած, որ մեծ նշանակութիւն կու տայ այդ կարեւոր իրադարձութեան:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը հանդիպման արդիւնքները ամփոփած են ԶԼՄ-ներու առջեւ յայտարարութիւններով»,- նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ֆրանսան մշտապէս պիտի ըլլայ Հայաստանի կողքին:

Ֆրանսայի նախագահը հետաքրքրական գնահատած է ՀՀ նախագահի հետ հանդիպումը` աւելցնելով, որ Հայաստանը երկար ճանապարհ անցած է` կառուցելով կայուն ժողովրդավարական երկիր արեւմուտքի ու արեւելքի միջեւ:

«Այս բարդ տարածաշրջանին մէջ Ֆրանսան ձեր կողքին պիտի ըլլայ եւ պիտի օժանդակէ, որպէսզի առաջ շարժիք: 2018 թուականը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար»,-­ ըսած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ Մայիս 28-­ին՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-­ամեակին, Ֆրանսայէն պիտի մասնակցի Արտաքին գործոց նախարարը: Միաժամանակ, Էմանուէլ Մաքրոն պաշտօնապէս հաստատած է, որ եկող Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան` ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով:

«Մեր հանդիպման ժամանակ որոշեցինք լայնացնել ֆրանսերէնի դերը կրթութեան մէջ, ընդլայնել Ֆրանսական համալսարանը, ստեղծել մշակութային կեդրոն: Միաժամանակ, կ՝ուզեմ բարձր գնահատել հայկական սփիւռքի դերը եւ յիշեցնել, որ Յունուար 30-­ին պիտի մասնակցիմ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքին»,-­ ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոնի դիտարկումով` հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը պահանջեն աւելի ուժականութիւն եւ փոխանակութիւն` զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, շրջակայ միջավայրի եւ ծրագրային ապահովման ոլորտներուն մէջ:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան` Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է հիմնախնդիրը լուծելու կարեւորութիւնը:

«Ատիկա պէտք է ըլլայ համարձակ փոխզիջում: Գիտեմ, որ խաղաղութիւն քարոզելը շատ դժուար է, կ՝ուզեմ, որ հանդիպումները յստակ արդիւնքներ ունենան»,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը` դրական գնահատելով իւրաքանչիւր հանդիպում` ուղղուած երկխօսութեան ամրապնդման:

Մաքրոն նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ միջնորդական ջանքերը արդիւնք պիտի տան` հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով: