image

Արէտ Երկանեանի «Nursan»ը՝ Թուրքիոյ արդիւնաբերական հսկաներու շարքին

Արէտ Երկանեանի «Nursan»ը՝ Թուրքիոյ արդիւնաբերական հսկաներու շարքին

Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն ուրախութեամբ իմացանք, որ Իսթանպուլի Արդիւնաբերութեան պալատին կողմէ հրապարակուած Թուրքիոյ մեծագոյն 500 արդիւնաբերական ընկերութիւններու այս տարուան ցուցակին մէջ դարձեալ տեղ գրաւած է պոլսահայ ծանօթ ազգային, համայնքային երախտաշատ բարերար Արէտ Երկանեանի «Nursan Kablo Donanımları San. ve Tic. A.Ş.» ընկերութիւնը։

Այս յաջողութիւնը ոչ միայն գործարար աշխարհի մէջ արձանագրուած կարեւոր նուաճում մըն է, այլ նաեւ պարծանք՝ հայ համայնքին համար, նկատի ունենալով Արէտ Երկանեանի երկարամեայ նուիրումը ազգային, կրթական եւ բարենպատակ հաստատութիւններուն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ժամանակ» օրաթերթին հրապարակած լրատուութիւնը։

Իսթանպուլի Արդիւնաբերութեան պալատը (İSO) այս տարի եւս հրապարակեց՝ Թուրքիոյ մեծագոյն 500 արդիւնաբերական ընկերութիւններու ցուցակը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այդ ցուցակին վրայ կը գտնուի մեր ծանօթ ազգայիններէն, համայնքային երախտաշատ բարերար Արէտ Երկանեանի «Nursan Kablo Donanımları San. ve Tic. A.Ş.» ընկերութիւնը։ Երկար տարիներէ ի վեր Արէտ Երկանեանի ընկերութիւնը տեղ կը զբաղեցնէ այս մրցանիշային ցուցակին վրայ։ Այլ խօսքով, Երկանեանի ընկերութեան այդ ցանկին վրայ տեղ զբաղեցնելը դարձած է ձեւով մը օրինաչափութիւն։

Թէեւ հրապարակուած ցուցակը կը ցոլացնէ մեծագոյն 500 ընկերութիւնը, սակայն, անոնց շարքին Արէտ Երկանեանի ընկերութիւնը առաջին 200-ին մաս կը կազմէ։ Այսպէս, «Nursan Kablo Donanımları San. ve Tic. A.Ş.»ն ցուցակի 196-րդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ։

Այս արդիւնքը ողջունելի դարձած է համայնքային շրջանակներուն համար։ Արէտ Երկանեան, որ տասնամեակներէ ի վեր հետեւողականօրէն կը խրախուսէ մեր համայնքի կրթական ու այլ բարենպատակ հաստատութիւններու գործունէութիւնը, իր նպաստով կայունութեան գործօն մը դարձած է անոնց տեսակէտէ։ Որպէս բարերար ու ազգային գործիչ Արէտ Երկանեան կը վայելէ մեծ կշիռ ու հեղինակութիւն։ Սա չի բացատրուիր միայն գործարար կեանքէ ներս իր գերազանց յաջողութեամբ, այլ ազգային արժէքներու եւ նախընթացներու հաղորդ ըլլալու իր հանգամանքով։

Ընդհանրապէս աշխարհի մէջ, մանաւանդ նաեւ Թուրքիոյ մէջ, վերջին տարիներուն խնդրոյ առարկայ է տնտեսական տագնապ մը, որու հետեւանքով ոլորտը անորոշութեան գրաւին տակ մնացած է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արէտ Երկանեան կը յաջողի իր հեռատեսութեամբ ձեռնհասօրէն վարել ընկերութիւնը, նպատակասլաց առաջնորդել գործունէութիւնը եւ զայն պահել պատնէշի վրայ։ Հայազգի գործարարի մը հիմնած ընկերութեան այսքան երկար տարիներէ ի վեր արդիւնաբերութեան հսկաներու շարքին դասուիլը հայ համայնքին տեսակէտէ պարծանք կը համարուի եւ բոլորի մաղթանքն է, որ նման օրինակները աւելնան։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր վաղեմի բարեկամ Արէտ Երկանեանը, որուն կը մաղթենք յարատեւութիւն եւ արեւշատութիւն։