Փարիզի մէջ, 16 Յունուարին, մեկնարկած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղտալեան:
Նախապէս յայտարարուած էր, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, 16 Յունուարին, Փարիզի մէջ պիտի կայանայ նաեւ Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: