image
Հրատապ լուրեր:

Փարիզ. Ցուցադրուած է Ռոպէր Կէտիկեանի «Une Histoire de Fou» (2015) ժապաւէնը

Փարիզ. Ցուցադրուած է Ռոպէր Կէտիկեանի «Une Histoire de Fou» (2015) ժապաւէնը

Ապրիլ 15ին Ֆրանսահայ երիտասարդութեան (JAF) մշակոյթի կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ Ռոպէր Կէտիկեանի «Une histoire de Fou» («Անհաւատալի պատմութիւն մը») ժապաւէնը, բեմադիրին ներկայութեան։ Գլխաւոր դերակատարներն էին Սիմոն Աբգարեան, Արիան Ասքարիտ, Կրէկուար Լըփրէնս-Ռենկէ (Leprince-Ringuet), Սիրուս Շահիտի, Սերժ Աւետիքեան։ Երկու ժամ եւ 14 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը կը սկսի 1921ին Պէրլինի մէջ տեղի ունեցած արարքով մը, երբ փողոցին մէջ Սողոմոն Թէհլիրեան կը զգետնէ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն՝ Ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան։ Թէհլիրեան, որու ամբողջ ընտանիքը բնաջնջուած էր 1915ին, աւելի ուշ անպարտ կ՚արձակուի ժողովրդական դատակազմին կողմէ։ Այս բաժինը սեւ-ճերմակ էր եւ՝ գերմաներէնով։ Տպաւորիչ էին ու առարկայական Թէհլիրեանի դատավարութեան վերանկարուած տեսարանները։ Ամենէն խօսունը երիտասարդ Սողոմոնի դահիճին ուղղուած ակնթարթ մը տեւող խորունկ հայեացքն էր, երբ դիտողին կը փոխանցէր իր ընտանիքին եւ յատկապէս ամբողջ ժողովուրդի մը արհաւիրքին պատմութիւնը։
Վաթսուն տարի ետք (այս անգամ գունաւոր), հայերէն եւ ֆրանսերէն կը խօսին Յովհաննէս (Սիմոն Աբգարեան) եւ իր կինը Անոյշ (Արիան Ասքարիտ) Մարսիլիոյ իրենց նպարավաճառի խանութին մէջ…  Հայրը կը փափաքի, որ իր զաւակները մերուին ֆրանսական միջավայրին մէջ միաժամանակ չմոռնալով իրենց արմատները։ Աւելի յանդուգն է մայրը, որ չի թաքցներ տղուն վրիժառու կեցուածքին համամիտ ըլլալու իր տեսակէտը։ Իսկ մեծ մայրը՝ Արսինէն (Սիրօ Ֆազլեան), որ չէր կրնար մոռնալ իր հողը, ընտանիքին կոտորածը եւ իր բռնաբարուիլը, կ՚երազէր վրէժ լուծելու մասին եւ կը փափաքէր որ իր մասունքները ի վերջոյ հանգչին հայրենի հողին վրայ։ Աւելի՛ն, ան իր թոռնիկ Արամը (Սիրուս Շահիտի) կը խրախուսէր զինուորագրուիլ զինեալ պայքարին։
Փարիզի մէջ, Արամին կողմէ Թուրքիոյ դեսպանին ինքնաշարժը պայթեցնելու պահուն ծանրօրէն կը վիրաւորուի Ժիլ Թէսիէ (Կրէկուար Լըփրէնս-Ռենկէ), որ հեծանիւով պատահմամբ այնտեղէն կ՚անցնէր։ Այնուհետեւ երբ Արամ զինեալ պայքարին միանալու նպատակով կը մեկնի Պէյրութ, հիւանդանոցին մէջ Ժիլին - որ ոտքերէն անդամալոյծ էր - այցելութիւն մը կու տայ Անոյշ եւ իր ժողովուրդին անունով ներողութիւն կը խնդրէ։ Ան միաժամանակ կը բացայայտէ որ արարքին հեղինակը իր զաւակն է։
Հայաստանի ո՛ւր ըլլալուն մասին անգամ անտեղեակ Ժիլ, որ անկարող էր ինքզինք վերագտնելու, կը փորձէ հասկնալ Հայկական հարցը։ Կը սկսի պրպտել։ Կ՚երթայ Յովհաննէսին եւ Անոյշին տունը եւ կը բնակի Արամին սենեակին մէջ։ Յետոյ կամաց-կամաց կը կապուի այդ ընտանիքին, կը ծանօթանայ հայ մշակոյթին, ցեղասպանութեան ժխտողականութեան եւ համոզուելով որ Հայ դատը արդար է կը փափաքի հանդիպիլ Արամին։ Վերջինիս մայրը Պէյրութի մէջ տեսակցութիւն մը կը կազմակերպէ տղուն եւ անոր անմեղ զոհին միջեւ, զոր ձեւով մը որդեգրած էր…։
Պէտք է ըսել թէ Կէտիկեանի ֆիլմը ներշնչուած է սպանացի լրագրող Խոսէ Անթոնիօ Կուրիարանի կեանքի աներեւակայելի պատմութենէն, երբ ան 1981ին Մատրիտի մէջ զետեղուած ռումբի մը պայթումէն մասամբ անդամալոյծ կը դառնայ…։ Այս դէպքէն ետք կ՚ուզէ հասկնալ այս արարքներուն պատճառը։ Կ՚ուսումնասիրէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ ի վերջոյ կ՚անդրադառնայ թէ իրաւացի էին հայ մարտիկները իրենց մղած պայքարին մէջ։ Լրագրողը հեղինակած է «Ռում-
բը» («La Bombe») հատորը եւ Սպանիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման ջերմ պաշտպաններէն է։
Ցուցադրութեան աւարտին բեմադիր Կէտիկեան շուրջ ժամ մը համբերութեամբ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Ըսաւ, թէ ճիշդ է որ ժապաւէնին նիւթը հայկական է բայց կրնայ համապատասխանել նաեւ արդարութեան համար պայքարող այլ ժողովուրդներու պատմութեան։ Իր կարծիքով Գերմանիոյ դատարանը դարասկիզբին ցեղասպանութեան «նուիրեց» ամենէն յատկանշական ճանաչումը եւ թէ 80ական թուականներու հայ մարտիկներու գործողութիւնները ազդեցութիւն ունեցան միջազգային հանրութեան կարծիքին վրայ, որմէ ետք ալ աւելի քան երեք տասնեակ երկիրներ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Կէտիկեան պատմեց թէ զինք մեծապէս տպաւորած է Կուրիարանի «Ռումբը»։ Ֆիլմի նախապատրաստական հանգրուանին հանդիպումներ ունեցած է սպանացի լրագրողին եւ Գաղտնի Բանակի մարտիկներէն Ալեք Ենի-
գոմշեանի հետ։ Ինչպէս ժապաւէնին մէջ կը նկարագրուի, Կուրիարան ալ Ժիլին պէս փափաքած է տեսակցիլ ահաբեկչական արարքին հեղինակներուն հետ։ Ժապաւէնին տեսարանները նկարահանուած են Հայաստանի, Մարսիլիոյ եւ Պէյրութի մէջ։ Բեմադիրը շեշտեց թէ Հայ Դատի պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ինքզինք պատասխանատու զգալով է, որ ձեռնարկած է այս գործին։ Տեղեկացուց թէ Եւրոպական երկիրներէն ետք - գալ շաբաթ - Լոս Անճըլըսի հայաշատ գաղութին մէջ պիտի ցուցադրէ ժապաւէնը եւ կը յուսայ որ «Անհաւատալի պատմութիւն մը» ֆիլմը առիթ պիտի հանդիսանայ աւելի լաւ հասկնալու Հայոց Պատմութիւնը։
Երեկոյթին փակումը կատարեց «UCFAF»ի ատենապետ Էտմոն Եանիքեան։ Աւարտին Կէտիկեան մակագրեց ֆիլմին խտասալիկները (DVD)։
Ղարաբաղեան վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ ապրիլեան այս օրերուն կ՚արժէ անպայման դիտել այս ժապաւէնը։

Նիւթի  աղբիւր ՝ «Նոր Յառաջ»