Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն «Լիբանանի համար միջազգային աջակցութեան խումբ»ին յայտնած է, որ սուրիացի գաղթափաններու վերադարձը հայրենիք չի կրնար յետաձգուիլ մինչեւ Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծումը, որովհետեւ այն կրնայ երկար տեւել, իսկ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնն անկարող է անոնց կեցութեան եւ այլ պահանջները բաւարարել:
«Lebanon 24» կայքին փոխանցմամբ, մինչեւ օրս սուրիացի գաղթականները պահելու համար Լիբանանի կառավարութիւնը մօտ 10 միլիառ տոլար վնասած է:
Աուն շեշտած է, որ Լիբանան հաւատարիմ է ՄԱԿ-ի եւ բարեկամ երկիրներուն տուած իր խոստումներուն, սակայն քաղաքական պայմանաւորուածութիւնները ենթակայ են փոփոխութեան, եթէ պատերազմական իրավիճակի փոփոխութիւն տեղի ունեցած է:
Որպէս ճգնաժամի քաղաքական լուծման յապաղման օրինակ, Աուն յիշած է Կիպրոսի ճգնաժամը, որ աւելի քան 44 տարիներէ ի վեր լուծում չէ գտած, եւ Պաղեստինեան հարցը, որ 70 տարիներէ ի վեր ոչ մէկ արդար լուծման արժանացած է: