Լիբանան-(«Ալ Ժատիտ», «Արեւելք») Պէյրութի մասնաւորապէս ծովեզերեայ հատուածը սկսած է դառնալ աղբակոյտերու բոյն: Այս մասին լուր փոխանցող լրատուական աղբիւրներ, նոյնպէս կը հաղորդեն, որ աղբահանութեան տագնապը կ'ուղղուի դէպի յաւելեալ սրացում: Նշենք, որ տագնապը ծայր առած էր, երբ քրիստոնեայ «Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը, հաւաքներ ընելով բողոքի ձայն բարձրացուցած էր հայաբնակ Պուրճ Համուտի աղբակայանի օգտագործման դէմ: Աւելի ուշ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը որոշում մը հրապարկելով յայտարարած էր Պուրճ Համուտի աղբաթափման կայանի ժամանակաւոր փակման մասին: Իր կարգին պետական երեսփոխան եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ ՝ Յակոբ Բագրատունի մամուլին տրուած յայտարարութիւններով ըսած էր, որ դէպի Պուրճ Համուտ բերուող աղբերը չեն լրացներ կառավարութեան կողմէ հաստատուած պայմանները, բան մը որ կրնայ նոր տագնապի դուռ բանալ: Կառավարութեան անունով խօսող նախարար Աքրամ Շըհայէպ այսօր «Ալ Սաֆիր» պարբերականին խօսելով քննադատած է մասնաւորապէս «Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը, ըսելով, որ անոնք խնդրին լուծում բերելու նպատակ չունին, այլ կ'ուզեն կառավարութեան աշխատանքը եւ աղբահանութեան վերաբերեալ մշակած ծրագիրը ձախողցնել: Նշենք, որ տարբեր աղբիւրներ կը խօսին, որ «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան այս վերաբերմունքին մէջ, քաղաքական որոշ նպատակներ եւ թիրախներ կան: