image

«Հայաստան այս վիճակէն, չի կրնար պառակտուած դուրս գալ»Արա Գոչունեան

«Հայաստան  այս  վիճակէն, չի կրնար պառակտուած  դուրս  գալ»Արա  Գոչունեան

 «Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեան:

 

-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Հայոց արդի անկախութեան ամենածանր փուլին նախատեսուած են այս շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Բառին բուն իմաստով, հայոց պետականութիւնը մահ ու կենաց պայքար մը կը մղէ, անդունդի եզրին յայտնուած է, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները այսպիսի ճակատագրական իրավիճակի մը մէջ պիտի արտայայտեն կամք մը, որու պայմանաւորելիք մթնոլորտը ամէնէն հաւանականութեամբ պիտի բնորոշէ, պիտի տնօրինէ նաեւ հայոց պետականութեան ճակատագիրը:

 

Այս ընտրութիւններէն հիմնական ակնկալութիւնը այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն հաւաքական միտքը, հաւաքական կամքը, հաւաքական խիղճը այնպիսի դրսեւորում մը ունենայ, որ կարենայ երկրի եւ հայոց պետութեան տեսակէտէ, նոր էջ մը բանալու ենթագետինը ստեղծել:

 

 

-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։

Դժբախտաբար, ներքին իրավիճակը շատ լարուած է Հայաստանի մէջ, յետպատերազմեան շատ ծանր հետեւանքներու ծնունդ տուած ներքին քաղաքական տագնապը ամէն օր նոր փորձութիւններու, նոր մարտահրաւէրներու դէմ հանդիման կը կանգնեցնէ հայոց պետականութիւնը. Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները վտանգուած են, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն, ինքնիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ տեղի կ'ունենան, եւ այս իրավիճակին մէջ, դժբախտաբար, Հայաստան առանձին թողուած է իր դաշնակիցը համարուող պետութիւններուն, երկիրներուն եւ կամ ուժերուն կողմէ:

 

Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ, մասնաւորապէս այս ընտրութեան յաջորդելիք մթնոլորտին մէջ ալ լարուածութեան հաւանականութիւններուն ըլլալը, ներքին իմաստով՝ խաղաղութեան բաւարար չափով երաշխաւորուած չըլլալը, բոլոր վտանգները, բոլոր մտահոգութիւնները կու գայ բազմապատկել: Հետեւաբար, այդ մտահոգութիւններու առարկայական հիմքերը պէտք է ձեւով մը յաղթահարուին, Հայաստանի հասարակութեան բոլոր խաւերը, ժողովուրդի բոլոր շերտերը ընտրութենէն վերջ պէտք է վեր մնան անցեալին եղած ամէն ինչէ, իրար վերավարկաւորեն եւ հերթական անգամ անդրադառնան որ ճակատագրակից են, եւ այդ գիտակցութիւնը հասարակ յայտարարի մը վերածելով պէտք է հաւաքաբար լծուին հայոց պետականութեան վաղուայ օրը, ամուր օրը, հզօր օրը, խաղաղ օրը կերտելու աշխատանքին:

 

-Նոր խորհրդարանի  կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։

 

Նոր խորհրդարանի ընտրութենէն եւ նոր կառավարութեան կազմութենէն վերջ, Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն ընելիքները այնքան ալ դժուար ենթադրելի չեն, որովհետեւ այս պահուն երկիրը ունի հրատապ օրակարգ մը, երկիրը կը դիմագրաւէ լինել չըլինելու, մահ ու կենաց բնոյթով այնպիսի մարտահրաւէներ, որոնք ինքնաբերաբար օրակարգ մը կը թելադրեն Հայաստանին եւ այդ օրակարգը անշուշտ թելադրուած պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի նոր կառավարութեան: Հետեւաբար, այստեղ աշխարահայեացքներու, աշխարհընկալումներու տարբերութիւնները այդքան ալ էական նշանակութիւն պիտի չունենան նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնները բնորոշելու տեսակէտէ:

 

Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է հետամուտ ըլլայ երկրի անվտանգութիւնը, պետութեան գոյատեւումը երաշխաւորելու գործին, Հայաստանի շուրջ նոր անվտանգութեան միջավայր մը ստեղծելու, Հայաստանը իր տարածքաշրջանէն ներս նոր համագործակցութեան կլիմային մէջ ներգրաւելու բարդ գործերուն պէտք է ձեռնարկէ, եւ այս բոլորը ընելու ատեն, անշուշտ նաեւ տնտեսական տագնապը պէտք է յաղթահարուի. տնտեսութիւնը այնպիսի վիճակի մը պէտք է գայ, որ այս ծանր վիճակին մէջ մարդիկ կարենան Հայաստանը չլքել, արտագաղթի միտքէն հեռու մնալ, սա ալ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ, բնականաբար: Եւ ի վերջոյ, Հայաստանի նոր կառավարութիւնը պէտք է հետամուտ ըլլայ մանաւանդ ներքին հաշուով, երկրէն ներս միասնականութեան, միութեան, զօրակցութեան, իրերօգնութեան տրամադրութիւնները ամրապնդելու, որովհետեւ Հայաստան սահմանափակ ներուժով երկիր մըն է եւ այս վիճակէն չի կրնար պառակտուած ձեւով դուրս գալ. այս տագնապի  յաղթահարման հիմնական գաղտնիքը կը կայանայ Հայաստանի մէջ ներքին  համաձայնութիւն մը ստեղծելու մէջ եւ նոր կառավարութիւնը նոր էջ մը բանալով, անցեալէն մնացած բոլոր թերութիւնները, նոյնիսկ աններելի սխալները մէկ կողմ թողելով, լծուի երկրի ապագան կերտելու գործին: