Պետական դաւաճանութեան կանխավարկածով ձերբակալութիւն տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւն կը փոխանցէ Tert.am-ը , որ նաեւ կը նշէ ,թէ 1977 թուականի ծնունդ եւ Արմավիրի բնակիչ ՝Գարիկ Խաչիկ Մարութեան ընկերայն ցանցերու միջոցաւ կապ հաստատած է Թուրքիոյ մէջ գործող ազրպէյճաեան խմբաւորումներու հետ եւ նիւթական վարձատրութեան դիմաց պետական գաղտնիք համարուող տեղեկութիւններ փոխանցած է անոնց: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ պահեստազորի սպայ Մարութեան, որպէս պետ աշխատած է ՀՀ ՊՆ տարբեր հետախուզական բաժանմունքներու մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ԱԱԾ-ն այս ձերբակալութիւնը իրականացուցած է յետ երկարատեւ հետախուզական աշխատանքներու: