Կազմակերպութեամբ՝ «Թէքէեան մշակութային միութեան» Հայաստանի մասնաճիւղին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ յուշ-ցերեկոյթ նուիրուած սփիւռքահայ նկարիչ, ասմունքող, դաստիարակ եւ հասարակական գործիչ Նորա Իփեքեան-Ազատեանի:
Յիշեցնենք, թէ աւելի վաղ «Արեւելք» անդրադարձած էր տիկ. Նորա Իփեքեանի մահուան, որ պատահած էր, սոյն թուականի 29 ապրիլին: Նորա Իփեքեան-Ազատեան ծնած էր Եգիպտոս, մեծցած ու դաստիարակուած ֆրանսական միջավայրի մէջ, բայց միշտ մնացած ազգային-հայրենասիրական մթնոլորտի մէջ: 60 տարի առաջ ամուսնոյն՝ ՌԱԿ յայտնի գործիչ, հրապարակախօս եւ մտաւորական Երուանդ Ազատեանի հետ տեղափոխուած էր Միացեալ Նահանգներ: Տիթրոյթի եւ անկէ առաջ այլ քաղաքներու մէջ իր վարքով, անմիջականութեամբ եւ յուզականութեամբ ան մնացած էր ֆրանսական մշակոյթը կրող, բայց, միեւնոյն ժամանակ, խորապէս, ապրումներով եւ զգացականութեամբ` հայ եւ հպարտ իր հայկականութեամբ։ «Թէքէեանի հայու հոգին» կարծէք գրուած էր իրեն համար. տարբեր հանդիսութիւններու ընթացքին անոր ասմունքած այդ քերթուածը ընդմիշտ պիտի մնայ իր ունկնդրողներուն սրտերուն մէջ։ Ընդմիշտ պիտի մնայ նաեւ իր նկարած դիմանկարը` ամենահարազատ Թէքէեանը։
Յիշատակի սոյն միջոցառումը, տեղի պիտի ունենայ 18 Յունիսին, ժամը 15:00-ին Թեքէեան Կեդրոնի մեծ դահլիճին մէջ (Երեւան, Խանջեան 50, 2րդ յարկ):