ՄԱԿ-ի գնահատմամբ, Սուրիոյ մէջ եօթ տարիներ շարունակուած պատերազմի հետեւանքով առաջացած վնասներու չափը կը կազմէ մօտ 400 միլիառ ԱՄՆ տոլար, կը յայտնէ «Sky News» լրատուական կայքը:
Գնահատման արդիւնքները հրապարակուած են Պէյրութի մէջ կայացած 50 սուրիացի եւ օտարերկրացի փորձագէտներու հանդիպման աւարտին:
Փորձագէտներուն համաձայն, վնասներու յստակ թիւը կը կազմէ 388 միլիառ ԱՄՆ տոլար, որուն մէջ ընդգրկուած չեն մարդկային վնասները, որոնց մաս կը կազմէ սպաննուած ու տեղահանուած մարդուժը:
Նշենք, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով երկրի բնակչութեան մօտ կէսը բռնի տեղահանուեցաւ, իսկ զոհուածներու թիւը գերազանցեց 350 հազարը: