image

Պաքուի մէջ թուրք դիւանագէտի 15ամեայ դստեր դիակը յայտնաբերուած է

Պաքուի մէջ թուրք դիւանագէտի 15ամեայ դստեր դիակը յայտնաբերուած է

Պաքուի Նասիմինեան շրջանի ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ յայտնաբերուած է թուրք դիւանագէտի դստեր դիակը, կը փոխանցէ ատրպէյճանական «APA» գործակալութիւնը: 

Նախնական տուեալներով, 15-ամեայ աղջնակը ինքզինք նետած է շէնքի 10-րդ յարկի պատուհանէն: Անոր հայրը՝ Կիւնլեար Արսլան Ազմի անունով, կ'աշխատի Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ որպէս խորհրդական: 

Կատարուածին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ: