Պաքուի Նասիմինեան շրջանի ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ յայտնաբերուած է թուրք դիւանագէտի դստեր դիակը, կը փոխանցէ ատրպէյճանական «APA» գործակալութիւնը:
Նախնական տուեալներով, 15-ամեայ աղջնակը ինքզինք նետած է շէնքի 10-րդ յարկի պատուհանէն: Անոր հայրը՝ Կիւնլեար Արսլան Ազմի անունով, կ'աշխատի Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ որպէս խորհրդական:
Կատարուածին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ: