400 օրէ ի վեր տնային կալանքի տակ գտնուող Պահրէյնի շիիթ կրօնապետ շէյխ Իսա Քասէմ հիւանդանոց տեղափոխուած է առողջական վիճակի կտրուկ անկման պատճառով:
«Ալ Մայատին» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Պահրէյնի իրաւասու մարմինները ձերբակալած են շէյխին դէպի հիւանդանոց ուղեկցող որդին եւ փեսան, որոնք վերջինիս դեղորայքը կը տեղափոխէին:
Աղբիւրին համաձայն, առողջական վիճակի անկումը դրսեւորուած է տեղաշարժման եւ քալելու յանկարծակի անկարողունակութեամբ, սակայն պատճառները տակաւին անյայտ են:
Նշուած է նաեւ, որ տնային կալանքի տակ անցնելէ ի վեր շէյխ Իսա Քասէմի բուժման գործընթացը բացառապէս կ'իրականացուի իրաւասու մարմիններու արտօնութեամբ եւ խիստ հսկմամբ: