Իրաք- Պաղտատի հայերու իրավիճակը համեմատած երկրի այլ շրջաններու աւելի խաղաղ է: Այս մասին «Արեւելք» իր տեղեկութիւնը ստացաւ Պաղտատի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ կ'ապրին շուրջ 3000 հայեր, որոնց 95 առ հարիւրը անդամ է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ յատկապէս Մուսէլի ISIS ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ գրաւումէն ետք Պաղտատի հայ բնակիչները սկսած են լրջօրէն մտածել երկրէն արտագաղթելու մասին, չնայած անոր ներկայիս իրավիճակը ապահովական առումով աւելի խաղաղ է: Պաղտատի մէջ կը գործէ հայ առաքելական եկեղեցի, եւ համայնքային կեանքը կը վարէ քաղաքի ազգային առաջնորդարանը հովանաւորութեամբ Իրաքի թեմի առաջնորդ՝ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանին: Ըստ մեր աղբիւրին համայնքին մէջ կը գործեն 3 հայկական միութիւններ: