«Թերթ.ամ»էն կը կարդանք՝
Conciliation Resources ընկերութեան Կովկասի ծրագիրի ղեկավար, անգլիացի վերլուծաբան՝ Լորընս Պրոերսի խօսքով՝ առայժմ անորոշ է, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի մէջ հնարաւոր է վերականգնել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափը, չնայած որ համանախագահներու 13 ապրիլի յայտարարութեան մէջ կը յիշեցնէին իրենց մանտաթի եւ վերջնական համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութեան մասին՝ «կողմերուն յայտնի» տարրերուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ:
«Քանի մը տարրեր որոշուած են 2020-ի 10 նոյեմբերի հրադադարի մասին հռչակագիրի միջոցով, ուշագրաւ բացառութիւն կը կազմեն Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ խնդիրները»,- Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Պրոերս։
Իսկ թէ երբ եւ ինչպէս պիտի հանդիպին կրկին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Մինսքի խումբի հովանիի տակ, ըստ վերլուծաբանին, կախեալ է շարք մը հանգամանքներէ։
«Անոնցմէ մէկը այն է, թէ արդեօք Ատրպէյճանը ոգեւորուած է տեսնելու 2020-ի 10 նոյեմբերի հռչակագիրի արդիւնքները, որոնք կրնան ըլլալ բազմակողմանի խաղաղ գործընթացով, թէ՞ կը նախընտրէ «միայնակ տանիլ» Ռուսաստանի ղեկավարած գործընթացը»,-ըսաւ վերլուծաբանը:
Ըստ Պրոերին, երկրորդ խնդիրը այն է, թէ որքանով Ռուսաստանը օգտակար կը գտնէ ԵԱՀԿ-ի գործընթացի վերակենդանացումը, ուր որոշակի հիմնաւորմամբ ինքզինք կը տեսնէ, որպէս ոչ պաշտօնական առաջնորդ, ի տարբերութիւն Թուրքիոյ հետ ոչ պաշտօնական երկկողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման շարունակականութեան, որոնք գործընթացէն արդիւնաւէտօրէն հեռու կը պահեն եւրոպական-ատլանտեան դերակատարները:
«Երրորդն այն է, թէ արդեօք եւրոպական-ատլանտեան դերակատարները եւ բազմակողմանի հիմնարկները կը յաջողին պահպանել հետաքրքրութիւնը եւ վերականգնել լծակները՝ հակամարտութիւնը բազմակող շրջանակներու վերադարձնելու համար:
Շատ բան կախեալ է յառաջիկայ հինգ տարիներու շարժունութենէն, եւ թէ ուր պիտի գտնուին բոլոր դերակատարները հինգ տարի ետք, երբ նախատեսուած է երկարաձգել Ռուսաստանի խաղաղապահ մանտաթի երկարացումը»,- նշեց Պրոերս։
Առանց Մինսքի խումբի վերակենդանացման, ըստ Լորընս Պրոերսի, ամենայն հաւանականութեամբ, կը տեսնուի հակամարտութեան կառավարման նոր դարաշրջան, որ կրնայ նուազեցնել բռնութիւնը, բայց պարտադիր չէ, որ այդ անդրադառնայ հակամարտութեան հիմնական շարժիչ ուժերուն վրայ։
Անդրադառնալով, թէ ինչպէս ՀՀ իշխանութիւնները աշխատած են միջազգային հանրութեան հետ, վերլուծաբանը նկատել տուաւ, թէ պատերազմը համընկաւ այնպիսի ժամանակի մը հետ, երբ միջազգային հանրութիւնը զբաղած էր այլ խնդիրներով՝ ուստի եւ մարտահրաւէրային էր.
«Միջազգային հանրութիւնը կեդրոնացած էր ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններու, Պելառուսիոյ բողոքի ցոյցերու եւ համաճարակի կառավարման վրայ»,- ըսաւ ան ։
Վերլուծաբանը նաեւ նշեց թէ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը, ի վիճակի է դիմադրել ժողովրդական եւ հեշտութեամբ ճանաչուող այն շրջանակները, որոնք սովորաբար, արեւմտեան պետութիւններու պարագային, միջազգային լսարան կը բերեն եւրասիական հակամարտութիւնները: «Այստեղ Ռուսաստանի համար չկան հակամարտող կողմեր, որոնք կը ձգտին Եւրոպական-ատլանտեան դաշինքներուն միանալ»։
Ըստ անոր, ատիկա թուլացուց Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ հնարաւորութիւնը եւ դիրքաւորումը, թէ տեղի ունեցածը ժողովրդավարութեան համար պատերազմ էր կամ քաղաքակրթական պայքար:
«Միւս կողէ, Ատրպէյճանը հակամարտութեան աւելի պարզ ձեւակերպում ունէր պահանջներու հիմնական շարքի շուրջ, որ աւելի հեշտ էր գտնել հարցազրոյցներուն»,-ըսաւ Պրոերս։
Խօսելով Պաքուի մէջ բացուած «ռազմավարի պուրակին», ուր ներկայացուած էին նաեւ հայ զինուորները նուաստացնող կերպարներ, Լորենս Պրոերս նշեց, թէ ժողովուրդները կը յիշեն յաղթանակները, ինչպէս նաեւ իրենց պատմութեան պարտութիւնները։
«Անակնկալ չէր, որ Ատրպէյճան այդքան երկար ժամանակ նուաստացուցիչ պարտութեամբ ապրելէն յետոյ, պիտի տօնէր իր վերջին յաղթանակը: Այդ այգին, ըստ ինծի, ոչ այնքան ատրպէյճանական կողմի կորուստները յիշատակելու համար բացուած թանգարան է, որքան հայկական կողմին կրած կորուստները պատկերող ներկայացում, ուր հայերը ընդգծուած կերպով առանձնացուած են, որպէս հիմնական թշնամի եւ ոչ պարտուած կողմ, որուն հետ յարաբերութիւնները ենթակայ են փոխակերպման»,- ըսաւ ան նշելով, որ ըստ ամենայնի, զբօսայգիի նպատակն էր ամրապնդել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու՝ ոխերիմ եւ անյուսալիօրէն թշնամական բնոյթի ընկալումը: «Այս, կարծես, կը վերաբերի հակամարտութեան առանցքի շուրջ ատրպէյճանական հասարակութեան հաւաքը պահպանելուն, եւ այդ առերեւոյթ կը հակասէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու եւ տարածաշրջանի բացման շուրջ խօսակցութեան: Արդիւնաւէտ տարածաշրջանային հարղորդակցութիւնը չի կրնար իր դերը նուազեցնել՝ վերածուելով թէքնիք գործընթացի. ձեզ անհրաժեշտ են նոր տեսակի յարաբերութիւններ եւ մասնաւորապէս սպառնալիքի ընկալման նուազեցում: Այդ այգիով Ատրպէյճան կ'երթայ այլ ուղղութեամբ»։