Վալերի Օսիպեանն ազատուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնէն․ համապատասխան որոշումը հրապարակուած է e-gov.am կայքին մէջ։
«ՎԱԼԵՐԻ ՕՍԻՊԵԱՆԻԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ ԱԶԱՏԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասով՝
Վալերի Օսիպեանը ազատել վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնէն»,- ըսուած է որոշման մէջ:
Վերջին օրերուն մամուլի մէջ լուրեր կը շրջանառուէին, որ Վալերի Օսիպեանն ազատման դիմում ներկայացուցած է։ Այդ պաշտօնին ան նշանակուած էր 18 սեպտեմբերին։ Մինչ այդ Օսիպեանը ազատուած էր ոստիկանապետի պաշտօնէն։