ԱՄՆ Նախագահ Պարաք Օպամա պիտի մասնակցի երէկ մահացած Շիմոն Փէրէզի յուղարկաւորութեան արարողութեան: Այս մասին յայտնած է Սպիտակ Տան մէկ բանբերը, նշելով, որ Պարաք Օպամա մէկ օրով Իսրայէլ պիտի ժամանէ մասնակից դառնալու Իսրայէլի նախկին նախագահի թաղման արարողութեան: Օպամա, որ դրական գնահատած է Շիմոն Փէրէզի անցած քաղաքական ճանապարհը ,այդ մասին ըսած է. «Իմ բարեկամ Շիմոն Փէրէզը պայքարեցաւ խաղաղութեան համար, եւ ան միշտ փորձեց խաղաղութիւն կերտելու համար եղած առիթները լաւագոյնս օգտագործել»: Նշենք, որ 93 տարեկան Փէրէզ երէկ մահացած էր Թէլ Աւիւի մէկ հիւանդանոցին մէջ՝ երկու շաբաթ առաջ ուղեղի կաթուած ստանալ է ետք: