Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» թերթը, Չինաստանի մէջ կայացած Կէ-20 երկիրներու վեհաժողովին առնուած լուսանկարէն մեկնելով կը գրէ, «մինչ Թուրքիա ու Ռուսաստան այնքան կը մօտենան իրարու, ԱՄՆ հանդիսատես կը մնայ այդ մերձեցման»: Նկարին մէջ կ'երեւայ, որ Փութին ու Էրտողան կը խօսին իրարու հետ, մինչ միւս կողմը նախագահ Օպամա թեթեւ մը դէպի առջեւ հակելվ կը նայէր անոնց: Նկարի առթիւ, յօդուածագիր Ուիլիամ Գալսթոն կը քննադատէ ԱՄՆ-ի նախագահ Օպամային վերջին ութ տարիներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ատոր իբր օրինակ կը նշէ Չինաստանի ընտանեկան նկարը, որուն մէջ, կ'ըսէ ան, Փութին կը խօսի զինքը ուշադրութեամբ մտիկ ընող Էրտողանին հետ, մինչ Օպամա կը մնայ հանդիսատես, իսկ Չինաստանի նախագահն ալ կը ժպտի գոհունակոթեամբ: «Այս բոլորէն դուրս, միջազգային շրջանակներ խիստ կարեւոր նկատեցին Թուրքիա-Ռուսաստան մերձեցումը, որ վերջին շրջաններուն իրականացաւ Թուրքիոյ նախագահին ու պետական մարդոց վարպետ քաղաքականութեան շնորհիւ», կը գրէ յօդուածագիրը: