Քիչ առաջ թագաւորական որոշում մը հրապարակելով Յորդանանի Ապտալլա Բ.ն թագաւոր երկրի վարչապետ նշանակեց Օմար Ալ Ռազազը։
Աւելի վաղ թագաւոր Ապտալլա ընդուած էր վարչապետ Հանի Ալ Մալքիի հրաժարականը, որ անսալով թագաւորի յորդորներուն այդ որոշման յանգած էր։
Յիշեցնենք, որ անցնող երեք օրերուն Յորդանանի մէջ բողոքի աննախադէպ բողոքի ցոյցեր եղած էին։ Խաղաղ բողոքարարները կը պահանջէին, որ կառավարութիւնը յետս կոչէ տնտեսական ոլորտի սղաճի իր ծրագիրը։