image

Օգոստոսին անհետացած երկու հայ զինուորներ զոհուած են Հալէպի մարտերուն

Օգոստոսին անհետացած երկու  հայ զինուորներ զոհուած  են Հալէպի մարտերուն

Անցեալ օգոստոսին  Հալէպի  մէջ  եղած ծանր մարտերուն ընթացքին   անհետացած հայ զինուոր Յարութ Քահքէճեան սպաննուած   է:  Նշենք, որ Յարութի  անյետացման մասին լուրը  «Արեւելք»  տուած էր   անցնող   15   օգոստոսին: Մեր աղբիւրը  օրին հաստատած  էր,  որ Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող Յարութ Քահքէճեան, որ կը ծառայէր Հալէպի «Ալ Հըքմէ»  վարժարանին մօտ եղող դիրքերուն մէջ,    օգոստոս  ամսուան սկիզբէն ի վեր   կը մնար   անհետացած:  Նշենք, որ  Յարութ Քահքէճեանի   սպաննուած ըլլալուն լուրը այսօր նոյնպէս  տրուեցաւ  «Գանձասար» պարբերականին կողմէ:  Ըստ նոյն աղբիւրին  Քահքէճեանի կողքին նաեւ զոհուած է   Ժանo Սեմէրճեան: Սեմերճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է  այսօր, ժամը 12:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ  Յարութ Քահքէճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը Լատինաց եկեղեցւոյ մէջ: