«Նորք» վարակաբանական հիւանդանոց 17 մարտին տեղափոխուած է «թոքի այտուց, երկկողմանի թոքաբորբ, շնչառական անբաւարարութիւն» ախտորոշմամբ 49-ամեայ հիւանդ, ուրուն մօտ կասկածուած է նաեւ «քորոնա» ժահրային հիւանդութիւն: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած է Առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը։
«Կատարուած է նմուշառում, «քորոնա» ժահրի հետազօտութեան արդիւնքը եղած է բացասական: Միաժամանակ, իրականացուած են սիրտ-թոքային վերակենդանացման անհրաժեշտ միջոցառումները, ներգրաւուած է լրացուցիչ խումբ, ցաւօք, անոր կեանքը չէ յաջողուած փրկել»,- գրած է Նիկողոսեանը։
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս մասին խօսելով հաստատած է, որ քաղաքացիի մահը կապ չունի «քորոնա»ով վարակուած ըլլալու խօսքերուն հետ:
Ան իր ֆեյսպուքեան էջին մասնաւորապէս գրած է.- «Հաշուի առնելով «քորոնա» ժահրի հետ կապուած ընթացիկ վիճակը, հարկ կը համարեն յատուկ արձանագրել, որ քաղաքացիի մահը որեւէ կապ չունի «քորոնա» ժահրի հետ»: