image

«Նոր Զարթօնք»ի տղաքը դարձեալ լուսարձակի տակ

«Նոր Զարթօնք»ի տղաքը   դարձեալ  լուսարձակի տակ

 Պոլսահայ    խումբ մը  երիտասարդներու  հիմնադրած «Նոր Զարթօնք»  շարժումը  հանդէս  եկած  է  յատուկ յայտարարութեամբ,     պահանջելով իր համակիրներէն     մասնակցիլ եւ քուէարկել    HDP-ի      բանտարկուած  առաջնորդ Սալահէլտին   Տէմիրթաշի  օգտին:

 Ի դէպ  առաջին անգամը  չէ,  որ     ձախ    հայացքնեով  յայտնի «Նոր Զարթօնք»ը նման    «ծայրայեղական»  կեցուածքներով հանդէս   կու գայ     եւ կը փորձէ   «իւրայատուկ»  կեցուածքներ   որդեգրելով   այլ   հարթութեան տանիլ պոլսահայ  համայնքի          ընդհանուր կեցուածքները:

 Խելացի՞   քայլ է   այդ   երիտասարդներու   արարքը:

 Կամ ճիշդ է՞ արդեօք  «Պապէն    աւելի պապական  ըլլալ»ով   առաջ   վազել  եւ          հանդէս  գալ       վերջին     տարիներուն  հաւասարկշռութիւններ պահպանող 60          հազարնոց համայնքի    ընդհանուր   կեցուածքներէն տարբեր կեցուածքով մը:

 

  «Նոր Զարթօնք»ի  տղաքը  իրենց    այս կեցուածքները որդեգրելուն համար  նաեւ կը մեղադրեն Պատրիարքարանը  եւ   կը  փորձեն  հանրութեան  բացատրել, որ      բրօ-քիւրտ    ղեկավարի մը  ընտրութիւնը   փրկութեան լաստ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ  համար:

 

 Կասկածէ   վեր է, որ  համայնքին  մէջ  կան մարդիկ, որ     այս տղոց  նման  կը մտածեն, սակայն    գաղտնիք չէ նաեւ, որ այդ կեցուածքով հանդէս եկողներն ալ մեծամասնութիւն չեն Պոլսոյ  մէջ:

 

   Պոլսէն դուրս ապրող հայութեան  համար  գերխնդիրը  այդ  դարաւոր եւ  հայութեան համար պէտքական ու  կարեւոր համայնքին  շարունակականութեան եւ անվտանգութեան  պահպանութիւնն է:

  Որո՞ւ  օգտին կը քուէրկեն  պոլսահայերը,  կամ ինչ      տոկոսներով     իրենց քուէները  կը նետեն      երկրի նախագահութեան      ղեկին իրենց թեկնածուութիւնը դրած  երեք       կամ չորս թեկնածուներու  օգտին կարեւոր  չէ:

 Կարեւորը եւ  մշտականը  այդ համայնքի   պահպանութիւնն է, առանց աւելորդ   յուզումներու, առանց         ռիսքեր  ընելու  ու մանաւանդ      շարժելով   հայութեան ընդհանուր   շահերէն:

 

 «Ա.»