image

Նիւ Եորքը վարակի «օճախ». «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած հայորդիներու թիւը անցածը է 15-ը. Աղբիւր

Նիւ Եորքը վարակի «օճախ». «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած հայորդիներու թիւը անցածը է 15-ը. Աղբիւր

«Արեւելք»ի  Նիւ  Եորքի  աղբիւրէն  վերահասու  դարձանք, որ անցնող օրերուն    Նիւ  Եորք  քաղաքի, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի   շրջակայից    շրջաններուն մէջ    «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած  հայորդիներու թիւը   անցած է    15-ը։

 Մեր աղբիւրը նաեւ  կը հաղորդէ,  որ     համայնքի   պաշտօնական   մարմիններ  յարգելի պատճառներով կը խուսափին         «Քորոնա»  հետեւանքով մահացած   հայորդիներու անունները  հրապարակել։

 Կը   նշուի նաեւ, որ մահացածներու  մեծ տոկոսին մաս կը կազմեն     տարեցներ, որոնցմէ շատ-շատերը      կ՚ապաստանէին Նիւ Եորքով  մէկ  տարածուած  ծերանոցներու մէջ։

Յիշեցնենք, որ   վերջին օրերէն  սկսեալ   «Քորոնա»  վարակը մեծ արագութեամբ   կը շարունակէ  տարածուիլ  Նիւ Եորքի  մէջ եւ վերջին տուեալներով Նիւ Եորքի մէջ     մահացութիւններու  թիւը   մօտեցած է     9000-ի։